
Պէտք է հասկնանք որ Հրանդ Տինքը «1.500.000 + 1» չէր
Հրանդ Տինք խօսելով հայ- թրքական կապերուն մասին այդ յարաբերութիւններուն տուած է սպիտակ թուղթ ըլլալու առիթ:
Ու կարեւոր է համարած թէ մենք ինչ գոյներով պիտի գրենք այդ սպիտակ էջին վրայ: Հրանդին համար անուրանալի փաստ է որ հայերն ու թուրքերը, երկար ու արիւնոտ պատմութիւն անցած, անկումներով եւ արհաւիրքներով «Կիսուած» երկու հարեւան- ժողովուրդներ են որոնց համար ալ ներկայ պահու դրութեամբ շփման գիծն ու գօտին մնացած է ութոբիք:
Բացատրեմ:
Հրանդի համար Հայը թուրքին կը նայի տարբեր հարթութիւններէ եւ տարբեր ճանապարհներով: Այդ կը թելադրէ աշխարհագրութիւնը: Սփիւռքահայուն, Հայաստանցիին եւ Թուրքիոյ քաղաքացի հայուն համար կան տարբեր տեսակի թուրքեր:
Ու այս բոլորին մէջ Տինք բազմիցս խօսած է այն մասին որ Սփիւռքը առնուազն եթէ թուրքին հանդէպ իր ունեցած կարծրատիպերը փոխելու տրամադրութիւն չունի ապա պէտք է ձերբազատուի իր հիւանդութիւններէն: Թուրքը փակուած թեմա չէ Հրանդին համար: Այլ ձեւափոխուող, ամէն օր փոխուող հանրութիւն է: Այս մօտեցումին մեծագոյն օրինակը այն հարիւր հազարներներն են որ իր դագաղին ետեւէն քալեցին ու այսօր ալ չեն մոռցած «Հրանդ ախբարիկ մենք չեն մոռցած արդէն եօթ տարի եղաւ ու մենք հոս ենք» գրել Պոլսոյ կամ Անգարայի պատերուն վրայ:
Իսկ թէ ինչքանով Սփիւռքի հայութեան զանգուածները պիտի հասնկան կամ ըմբռնեն այս մօտեցումը դժուար հարց է որովհետեւ Սփիւռքը կարծրատիպերու, թապուներու, եւ ողբի օղակներով քալող մեռած հոգիի մը խեալցնոր մարմինն է:
Մենք ողբերգական կերպարով թաղեցինք Հրանդը, ուանոր յիշատակը դարձուցինք ողբալու հերթական օր: Այսօր սփիւռքի տարածքին անոր յիշատակն անգամ չ'ոգեկոչուիր: Հասկցած ե՞նք անոր պատգամը կամ ո՞ւր են անոր ուղղիէն քալողները:
Հրանդ Տինք չմեռաւ որ ողբի նոր թուական մը աւելցնենք մեր օրագրութեան սեւ տետրակին:
Պէյրութ ապրող հայ նկարիչ Անիթա Թութիկեանը 2008-ին Հրանդի յիշատակին փոքր պաստառ մը պատրաստելով կարմիր գոյներով նկարած էր «1.500.000 + 1» առանց հասնկալու որ Հրանդը այդ առաւել մէկը չէր: Հրանդը նուազն ալ չէր: Հրանդը այդ առաքելութիւնը կրելու համար չմեռաւ: Բայց ողբի, լացի, անկիւն մը քաշուելու ու նոյն պատմութիւններուն մասին խօսելու վարժ սփիւռքի լայն հատուածներուն համար դիւրին էր Հրանդը նկարել այդ վիճակին մէջ:
Հրանդ երբեք չխօսեցաւ ողբին համար, Հրանդ երբեք չպայքարեցաւ այդ ողբին յանուն:
Իսկ Սփիւռքի հատուածները եթէ գրեցին, գրեցին այդ ողբին համար: Եթէ քալեցին, ապա քալեցին այդ ողբին յանուն: Անոնց համար հեշտ եղաւ մեռելը պահել իրենց խելացնոր մարմիններուն մէջ: Անոնք սիրեցին ողբի վիշտը, որովհետեւ այդ սէրը, համատարած այդ սիրաբանութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը պահանջէր: Ընդհակառակը դիւրին էր մեռելին ետեւէն լալ: Դիւրին էր նստիլ ու «վայելել» այդ «տօնակատարութիւնները» ու ապա հոգեճաշի նստիլ ու երկար սպասել որ իրենց մէջ եղող մեռելը նորէն մարսուի, նոր հոտի, նորէն նեխի:
Այս բոլորին դէմ էր Հրանդը: Ու ատոր համար է որ ընդունելի չէ, տանելի չէ որ զինք կոչենք «1.500.000 +1»:
Առիթով մը ան իր հրապարկումներէն մէկուն մէջ այսպէս կը գրէ «Քանիցս գրած եմ, քանիցս խօսած եմ Սփիւռքի իմ եղբայրներուն որ վազ անցնին ու հրաժարին թուրք հասկացութիւնէն որովհետեւ այդ հոգեվիճակով ապրիլը առնուազն լաւ չէ»:
Այս խօսքն արդէն տրուած փաստարկ է որ Հրանդ ինչքան լաւ ճանչցած էրզմեզ: Լաւ գիտեր որ մենք հիւանդ ենք: Սփիւռքով մէկ մեր ապրած մահապաշտութիւնը, ցեղասպանութեանը դիակին պահպանումը մեր մարմիններուն մէջ մեզ կը դարձնէ անբան, աւելորդ ու կոտրուած:
Նոյնիսկ Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը ոչինչ փոխեց մեր մէջ ու այսօր մենք կը պատրաստուինք «Ցեղասպանութեան խրախճանք»ին ու այդ «Տօնակարգ»ը կը փորձենք բերել Հայաստան:
Հրանդի յիշատակը յարգելու լաւագոյն ձեւը ողբէն ազատագրուելով կ'ըլլայ:
Կը հաւատամ:
Մեկնաբանություններ (23)
Մեկնաբանել