
Պատմութիւնը պիտի դատէ այս ոճիրին հեղինակն ու անոր ետին կանգնած ուժերը
Երէկ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի գիւղական «Արեւելեան Ղաութա» շրջանը ականատես եղած է ոճրային զազրելի սպանդի: Միջազգային լրահոսն ու Սուրիոյ ընդդիմութեան կայքերը այս առումով ցուցադրած են ցնցիչ տեսանիւթեր ուր մանուկներ ու երեխաներ իրենց վերջին շունչը կը փչեն: Արեան ոչ մէկ հետք կա անմեղ զոհերուն մարմիններուն վրայ: Օգտագործուածը «Սարին» անունով քիմիական նիւթ մըն է որուն հետքերը գտնելու համար ՄԱԿ-ի քննիչներ երկու օր առաջ հասած են Դամասկոս:
Ահաւոր ոճիրին հետեւանքով սպաննուած են առնուազն 650 Սուրիացիներ: Սպաննեալները Չէչէններ, Սէուտցիներ, Քաթարցիներ կամ Աֆղաններ չեն: Այլ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐ: Դատաւորի դերին մէջ չեմ. Պատմութիւնը պիտի դատէ այս ոճիրին հեղինակն ու անոր ետին կանգնած ուժերը. վստահ եմ: Նորէն խոր շունչ կը քաշեմ այս զազրելի, անմարդկային եւ գազանային պատկերներուն առջեւ եւ Աստուած կը կանչեմ....
Մեկնաբանել