
Իրականութիւնը յաճախ դառն է
Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան
Հայաստանի և Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ դարձեալ կը մտորեմ Մոնթէին որևէ յատուկ ժամանակի մէջ չպարփակուող խոհերուն մասին:
«Գրեցի, որ շատ անհամբեր եմ հետդ մանրամասն խօսելու մեր ժողովուրդի այսօրուան վիճակին մասին: Ըսի, որ բազմաթիւ դառն և տխուր իրականութիւններ կային, որ պէտք է հասկնանք: Այո, հոգիս, իրականութիւնը յաճախ դառն է, բայց և այնպէս այդ իրականութիւնն է որուն երեսին շիտակ պէտք է նայինք, անոր մէջ ապրինք, և օր մը փոխենք: Մինչև որ փոխենք, պէտք է շատ բաներ ընենք, որ պիտի նախընտրէինք չընել. Պէտք է պատասխանատու և քաղաքականապէս իրապաշտ ըլլանք: Երբ միասին ըլլանք պիտի բացատրեմ որքան որ կրնամ և վստահ եմ, որ պիտի հասկնաս:
Փաստը այն է, որ շատ մեծ թիւով մարդիկ շատ գէշ բաներ կ'ընեն (բաներ, որոնք մեր ժողովուրդի իսկական շահերուն դէմ են) առանց նոյնիսկ գիտնալու: Իրենցմէ շատեր նոյնիսկ համոզուած են, որ ճիշդ և անհրաժեշտ բան մը կ'ընեն: Այս է պարագան ոչ միայն Դաշնակցականներուն, բայց նաև շատ Ռամկավարներու և Հնչակեաններու: Այսպիսով է, որ որոշ շատ լաւ և հայրենասէր մարդիկ 70 տարուան մէջ Սփիւռքը առաջնորդած են այս անտանելի վիճակին: Առանց քաղաքաղան յստակատեսութեան, բարի նպատակ ունեցող մարդիկ կրնան շատ մեծ վնաս պատճառել: Շատ տարիներ առաջ քու նամակներէդ մէկուն մէջ գրած էիր, որ ես շատ խստապահանջ մէկն եմ: Այո, գոնէ հայրենասիրական հարցերու նկատմամբ շատ խստապահանջ եմ քանի որ ես մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը և մեր ապագան շատ-շատ լուրջիկ'առնեմ: Ոչ ոք իրաւունք ունի խստապահանջ չըլլալու:
… Մեր Սփիւռքը չափազանց գէշ վիճակի մէջ է: Աւելի գէշ քան մենք առաջին ակնարկէն կը կարծենք: Հակառակ ասոր, պէտք է ձևը գտնենք առաջ երթալու: Պէտք է ստեղծենք տքնաջան աշխատող դրական հոսանք մը, որ պիտի յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները մէկ առ մէկ: Շատ դժուար պիտի ըլլայ բայց պէտք է ընենք:
Կեանքս, այս բոլորը գրելու ընթացքին ուրիշ նիւթ մը կու գայ միտքս՝ զգացումներու և լուրջ աշխատանքի վերաբերեալ: Գիտես, ես իսկապէս շատ լեցուած եմ զգացումներով- սէր քեզի հանդէպ, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր ընտանիքին, ամբողջ մարդկութեան, բնութեան և իմացութեան հանդէպ, և լեցուած եմ ատելութեամբ բոլոր վերոնշեալներուն թշնամիներուն նկատմամբ: Հաւատա՛ իմ զգացումներս շատ զօրաւոր են: Բայց միևնոյն ատեն կը հասկնամ, որ որևէ շինիչ և լաւ բան ընելու համար պէտք է տիրապետեմ իմ զգացումներուս: Ասիկա իսկապէս դիւրին չէ, և ես միշտ չեմ յաջողիր: (Քու հանդէպ ունեցած սիրոյս յատուկ պարագային ես նոյնիսկ չեմ ուզէր «տիրապետել» անոնց[...] բայց դուն շատ յատուկ պարագայ մըն ես): Սակայն, որքան որ կարելի է ես կը փորձեմ տիրապետել բաներու քանի որ գիտեմ, ատիկա շատ անհրաժեշտ է որևէ լուրջ գործի համար: Երբեմն չարչարանքի պէս բան մըն է, բայց ինչ ալ ըլլայ պէտք է ընենք:
Շատ հայեր տեսած եմ (և ոչ հայեր) ովքեր կուրցած են իրենց զգացումներէն և ատիկա զիրենք առաջնորդած է անտրամաբանական արարքներու: Պէտք է սորվինք խելացի ըլլալ, մտածող ու տրամաբանող մարդկային էակներ: Պէտք է սորվինք տիրապետել մեր զգացումներուն և եթէ կարելի է, ձևեր գտնել այս զգացումները ծառայեցնելու մեր աշխատանքը աւելիզօրացնելու, համար ոչ թէ մեզ ապակողմնորոշելու և շփոթեցնելու համար: Պէտք է այսպէս ընենք քանի որ պէտք է մենք զմեզ լուրջի առնենք: Սեդա, դուն և ես չափազանց շատ բան ունինք իրարու տալու: Մենք նաև շատ տալիք ունինք մեր ժողովուրդին (թերևս նաև այլ ժողովուրդներու) [....] մեր կեանքը պիտի ըլլայ դժուար ու հիանալի ամբողջութիւն մը: Պէտք է ստեղծենք:
19-20 նոյեմբեր, 1988
Մեկնաբանություններ (2)
Մեկնաբանել