
Ստորագրելու հաւէսը
Շ.Թ.ին
Խառն, կլանուած, ծանր եւ կապարէ օրերու վրայ աւելցաւ օրերուն օրը: Օգոստոսի տաս: Ժամանակ ելքի: Հին վէրքերէն լուացուելու ժամանակն է: Ատեն վերադարձի: Անհասկնալի, անորոշ եւ փոթորկոտ վերադարձ: Տրամը կը պատկանի մէկ հողի, եւ հողեղէն որդու վերադարձը կը դառնայ Ճշմարիտ բան: Ճշմարտութիւն մը որ բեմական չէ այլեւս, ցուցադրական չէ:
Բոլոր թաղերը, նեղ ու խելառ թաղերը կը պատկանին անցեալին: Հին բարեւներ, ընկերներ ողջ կամ մեռած, արբունք, թափուած գինի եւ վատնուած բանաստեղծութեան կարմիր ռեհան:
Ահա այս ամէնը կը լքեմ հեռացողի պէս....
Դեղին հագած թերթերուն վրայ, գիրքերու արկղերուն, յայտնի եւ անյայտ հրապարակումներուն վրայ: Ահա այդ է ստորագրելու հաւէսը:
Երէկ ծանօթ մը, ՖՊեան նամակատուփիս մէջ էր գրած էր, թէ անծանօթ մի ոմն, լուտանքներ տեղացուցած էր էջիս վրայ: Հերոս Դուշման Վարդանի անուան տակ, ան գրառումներ էր կատարած եւ հայոհոյանքներ էր թափած: Զինք զգուշացուցած էր ծանօթս որ չի կարելի հերոսներու անուան տակ պահուըտիլ: Քիչ անց հայհոյանքները վերացան: Յուսալի է նաեւ որ նոյն անձը հերոսներու անուան տակ չպահուըտի ինչ ալ ըլլան պայմանները:
......
Երբ Պէյրութի բոլոր ճանապարհները փակուեցան ու այդ քաղաքը դարձաւ ոստրէի չափ փակ տարածք, ես չյոգնեցայ, դրի անունս գրութեան տակ եւ ստորագրեցի, ինչպէս որ միշտ:
Հաւէս էր ստորագրելը:
Հաւէս էր որով ճշմարիտ էր:
Աս Հայաստանին պէս, որմէ ճշմարիտ ըլլալ սորված եմ քիչիկ մը:
Աս Հայաստանին պէս, որուն դէմ խաղ չկայ:
Անոր արու գրական ջուրերուն պէս, անոր արու երակներուն պէս:
....
Երբ մութ, անվերջ գիշերեները ծառացան մեր գլխավերեւը, վերադարձի առագաստը բացուեցաւ յանկարծ:
Եկանք առանց ծով մտնելու եւ կապոյտի բոլոր աւազանները լքելով վերադարձանք:
Կինս սոսկական Եւա մը չէր, ցեղին հանդէպ անոր ունեցած կրակն էր որ վառեց մեզ:
Հայաստանը Եւայի խնձոր չէր որ ուտէինք:
Գիտէի որ օտարանքը կրնար մէկէն զարնել գաղթական հոգիս:
Գիտէի որ Մարշուտքայի պատուհանէն նայած պահուս պիտի զգայի որ օտարացումի օղակ մը մէկէն կրնար իջնել վիզիս:
Գիտէի այս բոլորը:
Սակայն ինչ փոյթ:
Որոշած էինք:
Որոշումը առնելը նման էր ստորագրութիւն նետելու որոշումին:
Ու հակառակ ամէնինչին, հակառակ լուտանքներուն եւ եւ չքմեղանքներուն, հակառակ անձրեւաբար վրաս թափուող սուտ դատումներուն, ես անաղմուկ Հայաստան մտայ:
Մինչ ուրիշներ յանձն առին Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան դատը – իբր- ու զայն պարզուած դրօշակի վերածեցին յանուն իրենց դիրքերուն ու շահատակումներուն:
Ես, մենք Հայաստան մտանք:
....
Այսօր Սփիւռքի մէջ հայ մնալը վաճառանիշի տեսակ է – պրէնտ:
Ինչպէս Գոգա- Գոլան, Լէկոն կամ Պարպին:
Սփիւռքը կը սիրէ պուպրիկները:
Կանաչ, դեղին ու սեւ Պուպրիկներ: Շոքոլա Ուտող պուպրիկներ, մերթ չխօսկան, մերթ արեւահարեալ ու մերթ մօրուքաւոր պուպրիկներ:
Սփիւռքի մէջ ստորագրելու խնդիր չկայ:
Հոն բոլորը նոյն ձեւով կը գրեն: Նոյն սուտլիկ ածականներով, նոյն սուտ բառերով, նոյն ստապատիր ոգիով:
Ստորագրելու հաւէսը, քիչեր միայն կը հասկնան: Ու երջանիկ պիտի ըլլալ որովհետեւ քիչերուն է տրուած այդ օրհնութիւնը:
Գրողը իր ողջ կեանքի ընթացքին պիտի չհասկցուի: Պարզ է:
Գրողը պիտի կրէ իր արծաթէ Կարմիր խաչը:
Ստորագրելու հաւէսը այդ մասին կը խօսի:
Եթէ գրելու ես ճշմարտութեան համար, սոսկալու չես քու անունովդ ստորագրելու:
Գրելը հէչ, բոլորը կարող են գրել, կարեւորը այդ ստորագրութեան հետ համընթաց քալելն է:
Կրելը, առաջ տանիլը, մաքառիլը:
Եթէ տառապիլ կայ, ուրեմն կայ գրել,
Եթէ կայ գիր ուրեմն պարտաւոր ես դնելու քու ստորագրութիւնդ իւրաքանչիւր տողի տակ:
Որով, ստորագրութեան հաւէսը մեծ է ու անկորնչելի....
Մեկնաբանել