
Զատութեան խարոյկը
Հայաստան դրախտավայր երկիրս, հազիւ ընտրական իր մշուշապատ օրերէն դուրս եկած, կը բախէր նոր, ցնցող պատահարի: Ինչ որ – երեւի մինչ այդ մեզի համար անծանօթ մնացած DIY գիշերային ակումբը կը դառնար յարձակման թիրախ:
Ու կը փրթէր հաւարը:
Տակնուվրայ կ'ըլլային ամբողջ ընկերային ցանցերու էջերը, թէզ եւ հակաթէզ: Լուտանք- լուտանքի վրայով, աղմուկ, քննարկում, մեղաւորի եւ անմեղի խաղին մէջ կը մխրճուէինք քիչ մը բոլորս:
Ցարդ քննարկումներու դուռը կը մնայ բաց, ու օր չանցնիր որ ՖՊ-ի էջերուն չխօսուի այս դէպքին, միասեռականներու, փոքրամասնութիւններու, ազգային-ապազգային հատուածներուն, եւ Իսթանպուլ այցելող եւ վարդագոյն երազներ փայփայող մարդկանց մասին:
Ո՞վ էր յանցաւորը: Եւ ո՞վ էր մեղաւորը այս ամէնինչին մէջ: Տակաւին Հայաստանի հանրային կարծիքը չէ կրցած կողմնորոշուիլ:
Պարզ է մէկ բան, որ Հայաստանի մէջ այսօրինակ արարք մը, այսինքն խափանարարութիւն կազմակերպելը, մարդոց դէմ որոնք քեզի պէս չեն, ու քեզի պէս չեն մտածեր, կամ քեզի պէս չեն ապրիր տակաւին ընդունելի է:
Ու ատիկա է տխրեցնողը:
Երբ դիմացինդ քեզի պէս չի մտածեր, քեզի պէս չի հագուիր, քեզի պէս չի խօսիր ուրեմն մեղադրելի է՞:
Ես միասեռականներու դատին պաշտպան փաստաբանը չեմ: Ոչ ալ իմ համար տանելի են անոնց յարուցած վիճակները կամ իբր ցաւագին ներկայացուած խնդիրներն ու զգացական զեղումները: Իմ խնդիրը չէ ատիկա:
Բայց միով բանիւ գործուած արարքը, բարիք չի բերեր այսօրուան Հայաստանին այն իմաստով, որ իբր քաղաքակիրթ եւ Եւրոպայի դռները թակող երկիր իր գրկին մէջ չուզեր պահել այդ տեսակի մարդոց: Ոչ միայն չուզեր, այլ կը փորձէ ոտնահարել, անոնց ազատ – անկաշկանդ ապրելու նախնական իրաւունքն անգամ:
Եթէ անոնց կենսակերպը, ապրելու եղանակը, մտածումները չեն խանգարեր Հայաստան պետութեան քաղաքական կամ հոգեւոր ապահովութիւնը, կամ արգելք չեն հանդիսանար անոր աճելուն ուրեմն վասն ինչի խանգարել կամ նեղութիւն տալ անոնց:
Դարը փոխուած է, նորէն պիտի կրկնել Ն.Սարաֆեանի հին խօսքը: Ու պարտադիր է որ նոր լեզու մը օգտագործուի, լեզու մը որ հասանելի է բոլորին, որուն մէջ հայ երիտասարդը գտնէ իր եսը նաեւ:
Երիտասարդութիւնը կարիքն ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու, երիտասարդութիւնը կարիքն ունի թարմ ականջի...
Մենք այնքան ենք նօսր, որ Ծոմակներն ու բազում յայտնի ու անյայտ «փոքրամասնականները» կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն:
Մեր ապրիլ քսանչորսը սկիզբ կառնէ մարդու, խիղճի, ոգիի, հաւատի եւ այլ ազատութիւնները յարգելով: Մենք ընդահանրապէս կոչուած ենք ըլլալու ատելութեան թշնամի: Այդպէս էր գրած նաեւ բանաստեղծուհի՝ Վիոլէթ Գրիգորեանը:
Ու կարեւոր է որ անդրադառնաք որ իւրաքանչիւր անհատի ազատութիւն սրբութիւն է, այնքան ատեն որ կանգ կ'առնէ հայրենի հողի սրբազան ազատութեան եւ անվտանգութեան առջեւ:
Ինձ չեն հետաքրքրեր Փարաճանովի ինթիմ պահերը կամ սովետի դրած սահմանները կամ խաղացած օյինները անոր գլխուն, իմ համար կարեւորը անոր ստեղծած ու նուիրաբերած արուեստի ոգին է, նաեւ ուժը:
Ինձ չեն հետաքրքրեր թէ Ծոմակն ու իր ընկերները ինչ կեանք կը վարեն, կարեւորն անոնց բերածն է, բերելիքն է ազգի մշակոյթի ընդհանուր մեծ լաւային:
Այլապէս ի՞նչ:
Պիտի չուզէի որ բոլորը նոյն ձեւով մտածեն բայց պիտի ուզէի, աւելին, պիտի պահանջէի որ՝ միւս տեսակը յարգեն:
Մտածող տեսակը, արուեստին հաւատացող ու մարդկութեան սպիտակ ու թաւիշ մոմեր բերողներուն տեսակը յարգեն:
Ազգային ոգին հոնկէ սկզիբ կառնէ:
Հարցուցէք Գարեգին Նժդեհին: Հարցուցէք Մոնթէին, հարցուցէք ուրիշ մեծերու:
Մարդու ազատութիւնը սուրբ է. եւ ես անկախ իմ կամ քու մտածումներէն կամ նախասիրութիւններէն, տեսակէս կրօնքէս ու գոյնէս ստիպուած եմ յարգել այդ սրբութիւնը- այդ ազատութիւնը:
Եթէ կը հաւատամ որ Հայաստան երկիրը պիտի քալէ քաղաքակրթութեան մայր ճանապարհէն:
Այլապէս ուրիշ պիտի ըլլայ ըսելիքս:
Այսօր իմ չսիրածս Պէյրութի մէջ յարգուած են այդ ազատութիւնները – կիսով չափ: Ու լաւ պիտի ըլլար որ դարաւոր Երեւանի մէջ ալ նոյնը կատարուի:
Մի հարցնէք անունիս, գոյնիս, երակներուս, պատկանելիութեանս եւ հաւատքիս մասին: Մի հարցնէք թէ ինչ պայքարներէ կու գամ եւ ուրկէ նետուած են արմատներս: Մի հարցնէք այս բոլորը:
Այս բոլորը կարեւոր են բայց կարեւորագոյնը ազատութեան արժէչափն է:
Մեր տարած պայքարը, ազատութեան համար է:
Մեր որոնածը, ազատութիւնն է որ պիտի փոխակերպուի՝ սիրոյ եւ սրբութեան:
Հոն կը սկսի մեր պայքարը:
Ազատութիւնը սրբութիւն է- այն խորան է մեզի համար: Մարդու, Հայու ազատութիւնը:
Այդ սրբութիւնը: Պէտք է միայն գուրգուրանքով մօտենալ այդ խարոյկին:
Միմիայն յարգանքով:
Մեկնաբանություններ (4)
Մեկնաբանել